Սարգսեան Փութինի Հետ Պիտի Քննէ Արցախի Հարցը

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ռուսիա իր  երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ: Բարձր մակարդակի այս բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի քննարկուին ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններուն միջեւ շարք մը ոլորտներու ինչպէս՝ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մարդասիրական եւ մշակութային գործակցութեան օրակարգի առանցքային հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ եւրասիական տարածքի երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին միտքեր պիտի փոխանակեն նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներու շուրջ, ներառեալ՝ Արցախի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին մասին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *