Վերջին տարիներուն Վատիկանի մէջ աշխատող կիներու թիւը բարձրացած է, անոնց թիւը 195-էն հասած է 371-ի։
Ըստ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ ներկայիս վատիկանի պաշտօնեաներու 19 տոկոսը կիներ են։ Մինչ Ս. Աթոռի մօտ աշխատող կիներու թիւը 391-ի հասած է։ Վերջին չորս տարիներուն աւելի կին առնուած է քան այր մարդիկ։
Ս. Աթոռի մօտ աշխատող կիները աւելի որակեալ աստիճան ունին, միջին հաշիւով 7-րդ աստիճանը կը գրաւեն, անոնցմէ 41 տոկոսը կ’աշխատին որպէս պատասխանատուներ զանազան նախարարութիւններու մէջ եւ կամ լրագրողներ են։
Նշենք, որ Երանելի Պօղոս Զ. Քահանայապետը եղաւ առաջինը, որ կին մը նշանակեց եկեղեցական վարչութեան մէջ։ Մինչ Վատիկան աշխատող կիները ընդհանրապէս չորրորդ աստիճանը կը գրաւեն տասի վրայ։ Ճիշդ մէկ դար առաջ, մէկ Փետրուար 1915-ին, առաջին աշխատող կինը եղաւ Anna Pezzoli, իբրեւ կահայարդար։ 1929-էն սկսեալ ակադեմիական աստիճան ունեցող կիներ սկսան մատենադարանի մէջ գործել, իբրեւ ձեռագիրներու պատասխանատուներ։ Կիները, սակայն, Վատիկանի մէջ սկսան պաշտօնական գործ ունենալ վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովէն ետք։