Հայաստանն ու Իրանը Կը Բանակցին Մեղրիի Մէջ Ազատ Տնտեսական Գօտի Ստեղծելու Համար

ՀՀ կառավարութիւնը ներկայացուցած է 3,2 միլիառ տոլարի ներդրումային ծրագիր, որուն աղբիւրը, ոլորտները ամբողջութեամբ յստակեցուած են: 830 միլիոն տոլարի ծրագիրները կը նախատեսուին սկսիլ 2017 թուականին: Այս մասին Սիսիանի մէջ յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

«830 միլիոնէն 55 միլիոն տոլարի ծրագիրները կ՛առնչուին Սիւնիքի մարզին: Յստակ գիտենք, թէ այդ միջոցները որ ուղղութեամբ պէտք է ներդրուին: Սիւնիքի հետ կապուած շեշտը պիտի դրուի հանքարդիւնաբերութեան, անասնապահութեան, գիւղատնտեսութեան միւս ճիւղերուն, ինչպէս նաեւ գործարարութիւնը իրանական շուկայ ուղղելու վրայ: Այս պահուն կը բանակցինք Իրանի հետ Մեղրիի մէջ ազատ տնտեսական գօտի ստեղծելու ուղղութեամբ, որ պիտի ըլլայ պետութիւն-­մասնաւոր հատուած համագործակցութեամբ»,- ­«Արմենփրես»-­ի հաղորդմամբ` ըսած է վարչապետը:

Կարէն Կարապետեանի տեղեկացմամբ, իրանական գործընկերներու հետ պիտի ստեղծուի նաեւ արտահանող ընկերութիւն, որ հայկական շուկայէն պիտի գնէ ապրանքը եւ արտահանէ Իրան: Ապրանքներու որակաւորման խնդրի լուծման նպատակով Հայաստան պիտի ներգրաւուի իրանական «Հալալ»-­ի հիմնարկը: «Մենք յստակ կը հասկնանք, թէ ուր պիտի երթանք»,-­ ընդգծած է Կարէն Կարապետեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *