«Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը ԽՍՀՄ փլուզման ժամանակահատուածին օրէնսդրութեան եւ միջազգային իրաւական նորմերու ծիրին մէջ իրականացուցած է իր ինքնորոշման իրաւունքը եւ տարիներու ընթացքին կարողացած է ձեւաւորել արդիւնաւէտ պետական կառավարման համակարգ, տնտեսական եւ ժողովրդավարութեան զարգացման յստակ մոտել»: Միջազգային երկխօսութեան «Վալտայ» ակումբի նիստի ընթացքին իր ելոյթին մէջ այս մասին յայտնեց ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:
«Ցաւօք, այդ ժամանակ Ազրպէյճանը Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքին ռազմական ուժը հակադրեց: Եւ չնայած սպառազինութեան, ժողովրդագրութեան զգալի տարբերութեանը՝ Արցախի ժողովուրդը կարողացաւ պաշտպանել իր իրաւունքները, ձեւաւորել պետական կառավարման արդիւնաւէտ համակարգ: Այսօր Արցախը առաջ է շարժւում տնտեսութեան զարգացման սեփական մոտելով, զարգացնում է ժողովրդավարութիւնը, եւ այս ամէնը էականօրէն տարբերուում է նրանից, ինչ առաջարկում է Ատրպէյճանը»,- նշեց Վիգէն Սարգսեան:
Ան յիշեցուց, որ Հայաստան կը հանդիսանայ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւորը եւ արդէն 29 տարիէ ի վեր ստիպուած է պաշտպանել Արցախի բնակչութեան անձնական անվտանգութիւնը: «Այսօր էլ Ազրպէյճանը պարբերաբար խախտում է հրադադարի պահպանման ռեժիմը, ուստի Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը ստիպուած են պատասխան տալ հակառակորդի գործողութիւններին եւ կանխել հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու փորձերը»,- յայտնեց ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարը: