Ի Պատիւ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Ֆրանսայի Նախագահին Անունով Տրուած է Պաշտօնական Ընդունելութիւն

Ի պատիւ պաշտօնական այցով Ֆրանսայի Հանրապետութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի` նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի անունով Էլիզէեան պալատին  մէջ տրուած է պաշտօնական ընդունելութիւն:

Երկու նախագահները հանդէս եկած են բաժակաճառերով։

ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութեան հաղորդման համաձայն, Ֆրանսայի ղեկավարը անդրադարձած է արցախեան հակամարտութեան, եւ յիշեցուցած մատրիտեան սկզբունքներուն մասին

«Խաղաղ եւ ապահով ապագայ կառուցելու համար մենք պարտաւոր ենք շարունակելու մեր ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կարգաւորելու:  Ոչինչ այդքան վատ չէ, որքան գոյավիճակը (սթաթուս քուօ): 23 տարիէ ի վեր կողմերը կը բանակցին առանց որոշ արդիւնքի հասնելու: Բազմաթիւ անգամ լուծումը շատ մօտ կը թուէր: 2014 թուականի Հոկտեմբերին ես նախաձեռնեցի ձեզ հրաւիրելու Փարիզ ազրպէյճանցի ձեր պաշտօնակիցին հետ միասին: Մենք յառաջընթաց ունեցանք յատկապէս հակամարտութեան ընթացքին անհետացած անձերու ճակատագրի ցաւալի հարցով, բայց չկրցանք աւելի հեռուն երթալ: Սակայն բանակցութիւնները շարունակելուն ոչ մէկ այլընտրանք կայ, եթէ բոլորս համաձայն ենք, որ հակամարտութեան ռազմական լուծումը բացառուած է:

«Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետ համընդհանուր խորհրդակցութեամբ` Ֆրանսան անդադար կը շարունակէ իր միջնորդական ջանքերը: Լուծման պայմանները յայտնի են` «Մատրիտեան սկզբունքներն են», որոնց հիմքերն են` ուժի չկիրառումը, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան յարգումը եւ ինքնորոշման իրաւունքը: Ֆրանսան պատրաստ է աջակցելու այս ուղղութեամբ տարուող որեւէ նախաձեռնութեան», – ըսած է Ֆրանսուա Օլանտ:

Իր բաժակաճառին մէջ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է.

«Մեր նպատակը խաղաղութիւնն է: Զէնքի ուժը ոչ մէկուն եւ երբեք բարիք բերած է, խաղաղութիւնն ալ հաստատուած է այնտեղ, ուր տիրած է դիմացինին ականջալուր ըլլալու ու խելամիտ փոխզիջումներու անհրաժեշտութեան գիտակցումը: Ակնյայտ է, որ խաղաղութիւնը ոչ թէ հակասութիւններու բացակայութիւնն է, այլ զանոնք խաղաղ միջոցներով կարգաւորելը»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *