Ազրպէյճանի Զինուժը Անցեալ Գիշեր Կիրառած է Ականանետ ու Նռնականետ. Արցախի ՊԲ

Մարտ 5 լոյս 6-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է աւելի քան 55 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 1000 կրակոց:

Արցախի ՊԲ-ին տեղեկութիւններով՝ առաջնային գիծի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 60 միլիմեթրանոց ականանետ եւ ենթափողային նռնականետ` արձակելով 2 արկ:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագծի վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *