Ազրպէյճանական Կողմը ԵԱՀԿ Առաքելութիւնը Յառաջապահ Դիրքեր Չէ Տարած. ԼՂ ԱԳՆ

ԵԱՀԿ առաքելութիւնը այսօր Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծի ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Ասկերանի շրջանի ուղղութեամբ` Շխլեար բնակավայրին մօտակայքը:

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի եւ չեն արձանագրուած հրադադարի խախտումներ: Սակայն, ազրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ առաքելութիւնը չէ տարած յառաջապահ դիրքեր:

Դիտարկման ժամանակ առաքելութեան՝ ղարաբաղեան կողմէն՝ ուղեկցած են Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *