«Համադրելով Հայաստանի, Սփիւռքի Եւ Արցախի Ջանքերը, Հնարաւոր Է Յաջողութեամբ Իրականացնել Որեւէ Առաջադրանք». Բակօ Սահակեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում  ունեցած է արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի եւ դեսպանութեան աշխատակիցներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են եւրոպական տարբեր կառոյցներու մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխգործակցութեան առնչուող  շարք  մը հարցեր:

Բակօ Սահակեան նշած է, որ այս հարթութեան մէջ առկայ են կապերու ընդլայնման ու խորացման բաւարար հիմքեր` աւելցնելով, որ համադրելով Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի ջանքերը, հնարաւոր է յաջողութեամբ իրականացնել որեւէ առաջադրանք:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *