ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Սարտարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ, շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հանրապետութեան տօնին առթիւ:
«Այս տօնը մեզի համար առաջին հերթին փրկութեան տօն է: Մենք փրկեցինք մեր վերջին հողակտորը եւ այդ հողակտորի վրայ մնացած մեր ժողովուրդի վերջին բեկորները: Որքան ալ ծանր է խոստովանիլ, բայց այդ էր իրականութիւնը:
«Յուսահատութեան եւ արնաքամութեան եզրին կանգնած հայ ժողովուրդը իր մէջ ուժ գտաւ վերջին գերբնական ճիգով մը կանգնելու թշնամիին դէմ, յաղթելու եւ ետ շպրտելու անոր: Մայիսեան հերոսամարտերը եւ անոնց յաղթական ելքը շատեր
զարմանալի հրաշք կ՛անուանէին: Մենք յաղթեցինք, մենք ապրեցանք եւ մենք ազատագրուեցանք:
«Մեր անկախութիւնն ու պետականութիւնը մեզի ոչ ոք չէ նուիրած: Մենք անոր համար վճարած ենք այնքան, որքան թերեւս ոչ ոք չէ վճարած: Մենք այդ մէկը ըրած ենք մինակ, աւելին` մենք այա մէկը ըրած ենք ի հեճուկս ճակատագիրի հարուածներու:
«Մայիսի 28-ով օտարի հպատակն ու գաղթականը կը դառնային պետութեան քաղաքացի: Կը դառնային մարդ, որ իր ոտքի տակ արդէն կը զգար ամուր հող, իսկ թիկունքին պետութիւն: Պետութիւն, որու կառուցման պէտք է լծուէր ինքը: Պետութիւն, որուն պէտք է ծառայէր: Պետութիւն, որոին պէտք է պահանջներ ներկայացներ: Պետութիւն, որուն պէտք է քննադատէր` աւելի լաւ դարձնելու ակնկալիքով: Պետութիւն, որ իր կիսամեռ ժողովրդէն, որուն գրեթէ կէսն ալ որբեր էին, պիտի ստանար քաղաքական ազգ: Պիտի աճեցնէր նոր սերունդ, վերածնած սերունդ, որ ունակ է գիտական, մշակութային եւ ռազմական նոր սխրանքներ գործելու: Այդ պետութիւն էր, որ կանխորոշեց Խորհրդային Հայաստանի եւ այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը:
«Այս տարուայ Ապրիլի սկզբի ռազմական իրադարձութիւնները աւելի տեսանելի դարձուցին շարք մը իրողութիւններ` թէ՛ լաւ, թէ՛ վատ, թէ՛ մեր ներսը, թէ՛ մեր շուրջը: Անոնց մէջ ինծի համար ամենակարեւորը մեր նոր սերունդն է` անկախութեան սերունդը, որ թէ՛ մեզի եւ թէ՛ բոլորին ցոյց տուաւ, որ ինքն է իսկապէս տէրն ու պատասխանատուն իր երկիրի: 1918 թուականին «Մայիսի 28» կերտողները կրնային միայն երազել այսպիսի կանոնաւոր բանակ եւ նոր սերունդ տեսնելու մասին: Մենք այդ մէկը տեսանք:
«Նոր Սարտարապատ պիտի չըլլայ, որովհետեւ այդ մէկը յուսահատական պատերազմ էր: Այնտեղ կռուողները արդէն չէին գիտեր, թէ ինչ երկիրի քաղաքացի են, կամ քաղաքացի՞ են արդեօք: Նոր Սարտարապատ պիտի չըլլայ, որովհետեւ կայ պետութիւն: Կայ անկախութեան սերունդ, որ կ՛ուզէ քալել ժամանակակից աշխարհին համընթաց եւ պիտի քալէ: Անկախութեան սերունդ, որ կ՛ուզէ քալեցնել իր երկիրը առաջ եւ պիտի քալեցնէ: Անկախութեան սերունդ, որ բոլորէն ճիշդ հասկցած է Մայիսի 28-ի պատգամը», ըսած է ՀՀ նախագահը: