Հայաստան միացած է Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) հետազօտութեան եւ նորարարութեան ֆինանսաւորման «Հորիզոն 2020» ծրագիրին: Համապատասխան համաձայնագիրը երէկ կնքուած է Պրիւքսէլի մէջ, Հայաստանի կառավարութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի միջեւ:
«Հայաստանի մասնակցութիւնը «Հորիզոն 2020»-ին` ԵՄ-ի Հետազօտութեան եւ Նորարարութեան շրջանակային ծրագիրին, անկասկած նոր հեռանկարներ կը բանայ Հայաստանի մէջ ակադեմական միտքի զարգացման համար` վերահաստատելով հայերու եւրոպական քաղաքակրթութեան բաղկացուցիչ մաս ըլլալը», ըստ «Մետիամաքս»-ի յայտարարած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:
ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին խօսքով` համաձայնագիրի արդիւնքները Հայաստանին թոյլ պիտի տան միջազգային չափանիշերուն համապատասխան գիտական հետազօտութիւններ իրականացնելու` ներգրաւելով բարձր որակաւորում ունեցող հետազօտողներ, խթանելու գիտահետազօտական ենթակառուցուածքներու զարգացումը, բարձրացնելու հետազօտութեան եւ նորարարութեան ոլորտի մէջ ներդրումներու մակարդակը:
Եւրոպական հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան նշած է, որ Հայաստանի միացումը «Հորիզոն 2020»-ին՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ընդլայնելու ԵՄ յանձնառութեան յստակ օրինակ է:
Ծրագիրին միջոցով Հայաստանի հետազօտական հիմնարկները եւ մասնաւոր ոլորտը հնարաւորութիւն պիտի ունենան՝ ֆինանսաւորում ստանալու առաջնակարգ հետազօտութիւններու իրականացման եւ գիտութեան զարգացման համար:
«Հորիզոն 2020» ծրագիրին միանալու համաձայնագիրի նախապատրաստման մէջ ընգրկուած են Պոլոնիոյ գործընթաց, բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու հաւատագրման գործընթացը, Թեմփուս, Էրազմուս+ եւ ԵՄ 7-րդ շրջանակային ծրագիրները:
Ծրագիրին ընկերակից անդամակցութեան համար Հայաստան իւրաքանչիւր տարի պէտք է կատարէ ֆինանսական ներդրում:
«Հորիզոն-2020»-ի Հայաստանի ընկերակից անդամակցութեան համաձայնագիրի կնքման վերաբերեալ բանակցութիւնները մեկնարկած էին 2013-ի Յուլիսին: