Արցախի Նախագահը Այցելած է Հանրապետութեան Հարաւային Սահմանագիծերէն Մէկը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 15-ին այցելած է հանրապետութեան հարաւային սահմանագիծերէն մէկը, տեղւոյն վրայ ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին, տուած համապատասխան յանձնարարականներ դրուած խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդեն արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Նախագահին ուղեկցած են պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *