Փրակայի մէջ աշխատանքային այցով գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, Մայիս 4-ին հանդիպած է Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) յանձնակատար Եոհաննէս Հանին: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն։
Քննարկումներուն առանցքը եղած է Արցախի դէմ Ազրպէճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ ստեղծուած իրավիճակը:
Նախարար Նալպանտեան զրուցակիցին ներկայացուցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ Հայաստանի համատեղ ջանքերը` ուղղուած յարձակման հետեւանքներու յաղթահարման, բանակցութիւններու վերսկսման համար բարենպաստ մթնոլորտ ձեւաւորելու:
Շեշտուած է, որ հիմնահարցը չունի ռազմական լուծում: Եոհաննէս Հան նշած է, որ ԵՄ կը սատարէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն ջանքերուն` ուղղուած հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ ԵՄ յանձնակատարը անդրադարձած են Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն, երկուստեք գոհունակութիւն յայտնած են նոր իրաւական հիմքի շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին առիթով: Կարեւոր համարուած է առկայ ձեռքբերումներու հիման վրայ փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացումը: