Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ապրիլ 19-ին այցելած են Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկը եւ Ապրիլ 2-5 երկարող ժամանակահատուածին՝ հակառակորդի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին, ԼՂՀ պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան ու խիզախութեան համար՝ պետական պարգեւներ յանձնած խումբ մը զինծառայողներու: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
