Ազրպէյճանի Զինուժը Անկանոն Կրակ Բացած Է Տաւուշի Հայ Դիրքապահներուն Ուղղութեամբ

Ապրիլ 18-ի լոյս 19-ի գիշերը, հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ, արձանագրուած են խախտման 18 միջադէպեր:

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ ազրպէյճանական կողմը տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ դիպուկահար զինատեսակներէ, հիմնականօրէն անկանոն բնոյթի կրակահերթեր արձակած է հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ:

«ՀՀ զինուած ուժերու յառաջապահ ստորաբաժանումները ցուցաբերելով զսպուածութիւն, պատասխան գործողութիւններու դիմած միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային եւ վստահօրէն կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակը», ըսուած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *