Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք Նիւ Եորքի Մէջ

Ապրիլ 9-ի Շաբաթ օրուայ կէսօրէ ետք, ՀՅԴ-ի Նիւ Ճրզիի Դրօ կոմիտէի, Նիւ Եորքի Արմէն Կարօ կոմիտէի եւ ՌԱԿ-ի Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզիի Արմենական Յովսէփեան Ակումբի վարչութեան գլխաւորութեամբ հաւաք մը կազմակերպուեցաւ՝ Միցեալ Ազգերու կեդրոնի կից Տակ Համըրշոլտի հրապարակը, բողոքելու համար արցախի վրայ Ազրպէյճանի վերջին լայնածաւալ յարձակումին դէմ, որուն զոհ գացին բազմաթիւ հայ զինուորներ եւ անմեղ քաղաքացիներ:

Հակառակ անդադրում անձրեւին, ցուրտ օդին եւ շատ կարճ ժամակամիջոցի մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն, երեք հարիւրէ աւելի հայորդիներ հաւաքուած էին բարձրացնելու իրենց զայրոյթի ձայնը՝ Ազրպէյճանի անօրէն եւ անակնկալ յարձակումին դէմ:

Հաւաքի ընթացքին գործադրուեցաւ օրուան յարմար փոքր յայտագիր մը, որ սկսաւ Սբ. Լուսաւորիչ եկեղեցուոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանի եւ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Պատուելի Հայկ Խրլոբեանի աղօթքներով:  Կարճ բայց կուռ խօսքերով հանդէս եկան տօքթ. Հրանդ Մարգարեան, Նորայր Մկրտիչեան եւ Արամ Յովակիմեան, որոնք շեշտեցին, թէ Արցախը անցեալին եղած է հայկական հող, այսօր ալ է եւ յաւիտեանս պիտի մնայ հայկական՝ որպէս անբաժան մէկ մասը մեր ամբողջական Հայրենիքին:  Անոնք հաւաստիացուցին, որ համայն հայութիւնը կը զօրակցի Հայաստանի եւ Արցախի իր եղբայրներուն ու իր խայտաբղէտ սփիւռքեան կարողութիւններով նեցուկ պիտի կանգնի Արցախին՝ մինչեւ այդ հարցին բարւոք լուծումը:  Մէջ ընդ մէջ Գէորգ Հաճեան իր գեղեցիկ ձայնով ճոխացուց յայտագիրը եւ իր  երգած հայրենասիրական երգերով խանդավառեց ներկաները:

Արդար պիտի չ՛ըլլար այս թղթակցութիւնը աւարտել առանց յիշելու անունները  Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզիի հայութեան երիտասարդ ուժերէն Նազարէթ Մարգարեանի, Մհեր Ճանեանի եւ Վահէ Աթախանեանի, որոնք համակ եռանդ դարձած աշխուժացուցին, կառավարեցին եւ առաջնորդեցին օրուան հաւաքը:

Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզիի հայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ երբ հարց մը ազգային հանգամանք ունի՝ համերաշխութիւնն ու գործակցութիւնը կը տիրապետեն իրենց հոգիներուն եւ գործելակերպին մէջ:

   Տիրացու

IMG_2367

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *