Նախորդ Գիշեր Հակառակորդը Օգտագործած է Անօդաչու Թռչող Սարքեր Եւ Ականանետեր

Ապրիլ 11 լոյս 12-ին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, մեծ մասամբ պահպանուած է կողմերու միջեւ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւնը: Այս մասին կը հաղորդեն Պաշտպանութեան Բանակի (ՊԲ) մամուլի ծառայութենէն։

Որոշ հատուածներու մէջ արձանագրուած են տարբեր տրամաչափի զէնքերու եւ ականանետերու կիրառման դէպքեր:

Մարտագիծի հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտ) եւ հարաւարեւելեան (Հադրութ) ուղղութիւններով հակառակորդը 82 մմ-ոց (3 արկ), 60 մմ-ոց (4 արկ) ականանետէ եւ Հան-17 տիպի նռնականետէ (17 արկ) կրակ բացած է հայկական դիրքերու վրայ: Գիշերուան ընթացքին ազրպէյճանական կողմը հարաւային, արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններու վրայ` հետախուզական նպատակով օգտագործած է նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր:

ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները ուշադիր հետեւած են հակառակորդի գործողութիւններուն եւ անհրաժեշտ պարագային դիմած համապատասխան քայլերու:

Իրադրութիւնը այս պահուն հանգիստ է:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *