Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսներուն Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ, այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը, վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը հանդիպման ընթացքին քննարկած են՝ վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղ-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծած յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը:

Զրուցակիցները կարեւոր համարած են պետութիւն-եկեղեցի ջանքերու համատեղումը` ի նպաստ համազգային կարեւորագոյն խնդիրներու եւ առկայ մարտահրաւէրներու լուծման: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ՀՀ նախագահին հետ խօսած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն իրենց յառաջիկայ այցի մասին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *