ԿԽՄԿ Կ՛աջակցի ԼՂ Հակամարտութեան Կողմերուն Անյայտ Կորածներու Ճակատագիրերու Պարզաբանման Հարցով

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) աջակցութիւն կը տրամադրէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն` անյայտ կորածներու ճակատագիրերու պարզաբանման հարցով: Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»ի նշած է ԿԽՄԿ Երեւանի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին:

«Կը գտնուինք կողմերու հետ աշխատանքի ու երկխօսութեան ընթացքի մէջ: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն` իր իրաւասութեան շրջանակներու մէջ, իրավիճակի սրացման հետ կապուած կը քննարկէ բոլոր մարդասիրական հարցերը: Կապի մէջ ենք բոլոր կողմերուն հետ` զոհուած զինուորներու մարմիններու որոնման եւ փոխանցման հարցով: Տուժած ընտանիքներու կարիքները եւս մեր ուշադրութեան կեդրոնն են», ըսած է Ամատունին:

Նշենք, որ Ապրիլ 1 լոյս 2-ին եւ առաւօտեան ազրպէյճանի ձեռնարկած լայնածաւալ նախայարձակ գործողութիւններու ընթացքին՝ հայկական կողմը ունեցած է 25 անհետ կորածներ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *