Անցնեալ Գիշեր Սահմանագծի Վրայ Լարուած Էր Վիճակը Հայկական Կողմը Պատժիչ Գործողութիւններու Դիմած է

Մարտ 31-ին եւ լոյս Ապրիլ 1-ին, Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծի վրայ շարունակուած է լարուած վիճակը:

Նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 2700 կրակոցներ:

Սահմանագծի գրեթէ բոլոր հատուածներուն վրայ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է տարբեր տրամաչափի ականանետեր եւ նռնականետեր:  Հրետակոծութեան ենթարկուած են յատկապէս առաջնային գիծի հիւսիսարեւելեան` Մարտակերտի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտերը, որոնց ուղղութեամբ 60 եւ 82 միլիմեթրնոց ականանետերէ արձակուած են 52 արկեր:

Պաշտպանութեան Բանակի յառաջապահ զօրամասերը ազրպէյճանական զինուժի աշխուժութիւնը ճնշելու համար՝ դիմած են պատժիչ գործողութիւններու եւ անոնց ստիպած ձեռնպահ մնալ իրադրութիւնը սրելու յետագայ քայլերէ:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *