«Ո՞վ սպաննեց հայերը». Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արաբերէն առաջին վաւերագրական ֆիլմը, հանդիսատեսի համակրանք մրցանակին արժանացած է Նիւ Եորքի «Socially Relevant Film» ֆիլմի փառատօնին: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ին կը տեղեկացնեն ֆիլմի հեղինակները, որոնք ներկայ եղած են փառատօնին:
Մարտ 15-22ին կայացած Նիւ Եորքի «Socially Relevant Film» փառատօնին, յաղթող ճանչցուած է այլ եգիպտական ֆիլմ մը` «Մինչ գարուն» (Before the Spring):
«Ո՞վ սպաննեց հայերը» ֆիլմը նկարահանած են բեմադրիչ Մուհամատ Հանաֆին եւ լրագրող ու հաղորդավար Մարիամ Զաքին: Ֆիլմին մէջ ներկայացուած է 100 տարի առաջ թուրքերուն կողմէ իրականացած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ֆիլմին մէջ կը ներկայացուին բազմաթիւ արխիւային նիւթեր եւ լուսանկարներ, որոնցմէ շատեր կը հրապարակուին առաջին անգամ եւ կը հաստատեն 1915-ի Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Իսկ վերապրածներու վկայութիւնները կը հաստատեն, որ թուրքերուն կողմէ իրականացած Ցեղասպանութիւնը նախապէս ծրագրուած եղած է: Նկարահանումները իրականացած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ:
Ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է 2015ի Նոյեմբեր 8-ին, Գահիրէի մէջ: