Ֆրանսահայութիւնը արդէն սկսած է պատրաստուիլ Ապրիլ 24-ի ձեռնարկներուն: Անոնք յատկապէս ունին պահանջատիրական բնոյթ։ Ըստ Panorama.am-ի այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է՝ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը։ «Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ պիտի ըլլան ցոյցեր, իսկ Փարիզի մէջ Ապրիլ 24-ին պիտի կազմակերպուի ցոյց՝ կառավարութեան հետ համատեղ», ըսած է Փափազեան։
Ան նշած է, որ իրենց հիմնական նպատակը ամբողջ աշխարհին ցոյց տալն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցով հայ ժողովուրդի պայքարը չէ աւարտած, անիկա կը շարունակուի, կան շարք մը հարցեր:
Մ. Փափազեանի խօսքով, Ֆրանսայի մէջ հայկական եւ թրքական համայնքներուն միջեւ քաղաքական մրցակցութիւն կայ:
«Թուրքերը քայլեր կ՝ընեն, որպէսզի թրքական գաղութի եւ Ֆրանսայի նախագահի միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնեն: Բայց Ֆրանսուա Օլանտը կանգնած է Հայ Դատի թիկունքին: Մենք մեր յարաբերութիւնները Ֆրանսայի ղեկավարին հետ վերջին երեք-չորս տարիներու ընթացքին զարգացուցած ենք», ըսած է ան:
Մ. Փափազեանը վստահեցուցած է, որ հայկական համայնքը Ֆրանսայի մէջ հզօր է, թրքական համայնքին հետ մրցակցութեան ընթացքին չի տկարանար: Ան նշած է, որ Ազրպէյճանը իր քաղաքական լոպպինկը կը շարունակէ Ֆրանսայի մէջ, նիւթական մեծ միջոցներ կը ծախսէ քաղաքական շրջանակներու մէջ յաջողութիւններու հասնելու համար: