Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Պելճիքայի Վարչապետ Շարլ Միշելին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր  յղած է Պելճիքայի Թագաւորութեան վարչապետ Շարլ Միշելին` Պրիւքսէլի միջազգային օդակայանին եւ մեթրոյին մէջ երէկ տեղի ունեցած պայթումներու կապակցութեամբ, որոնց զոհ  դարձած են տասնեակ անմեղ մարդիկ:

Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

«Այս ծանր պահուն իմ ցաւակցութիւնս ու զօրակցութիւնս կը յայտնեմ Ձեզ, բարեկամ Պելճիքայի ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով ոգու արիութիւն եւ համբերութիւն:

«Հայաստանը խստօրէն կը դատապարտէ ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորում եւ յանձնառու է այդ չարիքի դէմ միջազգային պայքարին իր ներդրումը բերելու», ըսուած է ՀՀ Նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *