ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է հոլանտահայ գործարարներ Արամ Հայկազը եւ Երուանդ Հայկազը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն։
Հայ գործարարները նշած են, որ հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ երկարաժամկէտ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելով՝ մասնաւորաբար կաշեգործութեան ոլորտին մէջ:
Վարչապետը ողջունած է հոլանտահայ գործարարներուն Հայրենիքի մէջ ներդրումներ կատարելու պատրաստակամութիւնը եւ նշած, որ կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցելու փոխշահաւէտ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման, որոնք կը նպաստեն տնտեսական աշխուժութեան աճին եւ նոր աշխատատեղերու ստեղծման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են կաշեգործութեան ոլորտին մէջ ներդրումային ծրագիրի իրագործման վերաբերող շարք մը հարցեր: