Մոսկուա Հաշուի Կ’առնէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Ուժերու Հաւասարակշռութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Մոսկուան չի թաքցներ Երեւանի հետ ռազմաթեքնիքական համագործակցութիւնը եւ կոչ կ’ուղղէ Պաքուի ըմբռնումով մօտենալու հարցին: «Մենք դիւանագիտական խողովակներով ազրպէյճանական կողմին արդէն տեղեկացուցած ենք այդ մասին», ըսաւ ան նշելով, որ «Ռուսիա Հայաստանի հետ կապուած է միութենական յարաբերութիւններով ու կը զարգացնէ նաեւ ռազմաթեքնիքական համագործակցութիւնը»: Բանբերին խօսքով սպառազինութիւն մատակարարելու ժամանակ, Մոսկուա հաշուի կ’առնէ տարածաշրջանի բոլոր ռիսկերը: «Ռազմական որեւէ մատակարարում ինչպէս Հայաստանի, այնպես ալ բարեկամ Ազրպէյճանի, մեր կողմէ կ’իրականանայ ուշադրութեամբ՝  հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Զախարովա: Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր յղած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` Մոսկուայի կողմէ Հայաստանի 200 միլիոն տոլարի սպառազինութեան վաճառքի կապակցութեամբ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *