Գերմանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Ընդունումը Յետս Կոչուեցաւ Լրացուցիչ Մշակման Համար

Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման շուրջ, 25 Փետրուարին ծաւալած բուռն քննարկումները քուէարկութեան հանգրուան չհասան: Բանաձեւի ընդունումը նախաձեռնած Դաշինք 90/Կանաչներ կուսակցութեան ներկայացուցիչներու իրերամերժ դիրքորոշման ու գնահատականներու արդիւնքով, որոշուեցաւ բանաձեւը յետս կոչել լրացուցիչ մշակման համար: Նախատեսուած 45 վայրկեանէ աւելի տեւած քննարկումներու աւարտին, յառաջ եկաւ բանաձեւի քուէարկութեան նպատակայարմարութեան մասին հարցը, որովհետեւ իշխող Քրիստոնեայ – դեմոկրատական միութիւն/Քրիստոնեայ – ընկերային միութիւն դաշինքի ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ այժմ այս պայմաններուն մէջ ու այս տեսքով բանաձեւի քննարկումը աննպատակայարմար է: Ցեղասպանութեան հարցով հայամէտ դիրքորոշում ունեցող ձախերը եւս ձեռնպահ մնացին` յայտարարելով, որ բանաձեւը այս տեսքով իրենց չի բաւարարեր եւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ սեփական բանաձեւով հանդէս կու գան 24 Ապրիլին ընդառաջ: Այս բոլորին արդիւնքով Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիր, իշխող համախմբական կառավարութեան առջեւ յառաջ քաշեց բանաձեւը յետս կոչելու նախապայմաններ, ըստ որոնց բանաձեւը պէտք է ներկայացուի մինչեւ 24 Ապրիլ եւ ներառէ երեք դրոյթներ`ուր յստակ բովանդակութեամբ յայտարարուի, որ 1915-ի դէպքերը Ցեղասպանութիւն են, ընդունուի Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը եւ Գերմանիան պատասխանատուութիւն ստանձնէ` նպաստելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման հոլովոյթին:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *