Ազրպէյճան Արցախի Ուղղութեամբ Ականանետ Կիրառած Է

Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, Փետրուար 17-ին եւ լոյս 18-ի գիշերը հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 700 կրակոցներ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ`  սահմանագիծի հիւսիսային ուղղութեամբ հակառակորդը կիրառած է նաեւ 82 միլիմեթրանոց ականանետ (5 արկ):

Պաշտպանութեան Բանակի  առաջապահ զօրամասերու պատասխան գործողութիւններու արդիւնքով՝ հակառակորդին նախայարձակ գողծողութիւնը ճնշուած է:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *