Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Վարժարանը Վերականգնելու Նպատակով՝ Բարեգործական Համերգ Երեւանի Մէջ

«Քեսապ հայրենակցական միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Օգոստոս 26-ին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բարեգործական համերգ: Համերգէն ստացուած հասոյթը պիտի ուղղուի Քեսապի ազգային ուսումնասիրաց  վարժարանի վերականգնման, ուր կը յաճախեն քեսապահայ 200 փոքրիկներ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը:

Համերգին ներկայ էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը:  Ողջունելով կազմակերպիչները, նախաձեռնութեան մասնակցած արուեստագէտներն ու հանդիսատեսը` նախարարը կարեւոր համարեց նման ձեռնարկներու կազմակերպումը նոր տարհանման, աղէտի մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն աջակցելու, հայրենասիրական ոգին արթնցնելու, ազգային միասնականութիւնը կերտելու գործին նպատակով: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Քեսապը Կիլիկեան Հայաստանի մի պատառիկն է, նրա մշակոյթի ու հերոսական ոգու կրողն ու ժառանգորդը: Մենք պէտք է պահպաննենք Քեսապի բարձր մշակոյթն ու մեծ աւանդոյթներ ունեցող համայնքը, աջակցենք աւերուած համայնքային կառոյցների ու կրթօճախների վերականգնմանը, բարոյապէս սատարենք մեծ փորձութիւնների բովով անցած մեր հայրենակիցներին»:

Համերգը վարեցին հաղորդավարներ Նազէնի Յովհաննիսեանը եւ Աւետ Բարսեղեանը:

«Սասնայ ծռեր» երգի-պարի խումբին հետ հանդէս եկաւ Մրոն` Արսէն Գրիգորեանը: Իրենց կատարումներով հանդէս եկան հայկական էստրադայի ներկայացուցիչներ Անտրէն, Արմինկան, Էմմին, Սոֆի Մխէյեանը, Գոհար Յովհաննիսեանը, Արամոն, Էրիկը, Մարթին Ահարոնեանը, Աղասի Իսպիրեանը:

Համերգը աւարտեցաւ «Ինտեր տանս» պարախումբի «Բերդ» պարով:

Համերգի կազմակերպման աջակցած էին Արամ Խաչատրեան համերգասրահը, «ATD» եւ «3points» ընկերութիւնները:

«Քեսապ հայրենակցական միաւորում»-ը հիմնադրուած է 2014 թուականի Ապրիլ 6-ին` 1946-1947 թթ.-ին հայրենադարձուած քեսապահայերու ժառանգներու կողմէ: Կառոյցը նպատակ ունի համախմբելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող քեսապահայերը, աջակցելու Քեսապի մէջ ապրող եւ վերջին զարգացումներուն հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած քեսապցիներու նիւթական վիճակի բարելաւման: Բարոյահոգեբանական եւ իրաւական աջակցութիւն ցուցաբերելու անոնց, պահպանելու Քեսապի մշակութային ժառանգութիւնը, իրականացնելու տարաբնոյթ հասարակական-տնտեսական, կրթական, առողջապահական, բարեգործական ծրագրեր` թեթեւցնելու կարիքաւոր հայրենակիցներու հոգերը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *