Արցախի Նախագահն ու Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հանդիպած են

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 6-ին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Հանդիպման, որուն մասնակցած է ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտին մէջ հայկական երկու պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *