Կը գրեն ընթերցողները
«Նոր Օր»-ի Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2019 թուակիրին մէջ, հանդիպեցայ Ժորա Համբարչեանի «Ազատութիւն» վերնագրով գրութեան, որուն մէջ, հեղինակը մարդը կը նկարագրէ ըսելով, թէ «Մարդը ծնւում է ազատ, իսկ յետոյ անմիջապէս կրում է կաշկանդումներն ամբողջ կեանքում». ու կը շարունակէ ըսելով. «Մարդկանց մեծամասնութիւնը ցմահ չի ձերբազատում կապանքներից»։
Յարգելի Ժորա, ձեր արտօնութեամբ կ՚ուզեմ նոր աւիւն եւ աւիշ ներարկել ձեր գրութեան մէջ. հետեւաբար, երբ կ՚ըսէք թէ «Մարդը ծնւում է ազատ», կը յարգեմ ձեր կարծիքը, բայց տեսնենք թէ ի՞նչ կ՚ըսէ Աստուծոյ խօսքը. «Ահա՛ ես անօրէնութիւնով ծնայ ու իմ մայրս մեղքով յղացաւ զիս», Սաղմոս 51։5, ուրեմն, մարդը աշխարհ կու գայ մեղքի վիրուսով (virus) կաշկանդուած եւ ոչ թէ ազատ, այլ ստրուկ մեղքին, որմէ ձերբազատուիլը անհնար է մարդու հասկացողութեամբ, իսկ հնարաւոր, անպարագօրէն բացարձակ Աստուածութեան դիմաց։
Իսկ երբ կ՚ըսէք. «Մարդկանց մեծամասնութիւնը ցմահ չի ձերբազատւում կապանքներից» մարդուն մահազդը գրած կ՚ըլլաք։ Այս մթագնած գաղափարագիտութիւնը կ՚ուզեմ ճաճանչեցնել քանի մը յուսալից խօսքերով, որոնցմով կ՚ուզեմ սթափեցնել ընդարմացած ուղեղները, վերակենդանացնել մամռակալած էակները եւ վերաշխուժացնել բորբոսնած հոգիները, ըսելով, ո՛վ մարդ յոյս կայ ձերբազատուելու կապանքներից եւ այդ միակ յոյսը ճանչնալ, հաւատալ եւ հնազանդիլ է քու Տէր Աստծուդ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ սրտիդ դրան առջեւ կեցած կը թակէ դուռը սրտիդ, իսկ երբ դուն բանաս զայն, Ան կու գայ եւ բնակութիւն կը հաստատէ քու մէջդ, ներելով քու բոլոր անցեալի մեղքերը, ու դու կը դառնաս Աստուծոյ որդի, ժառանգելով յաւիտենական կեանք։
Ան է միայն որ կարող է խորտակել կաշկանդող շղթաները եւ ազատագրել քեզ մեղքի կապանքներէն, վերածելով իսկական, իրական, ազատ անձնաւորութեան։ Ան ըսաւ. «Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» Աւետարան ըստ Յովհաննու գլուխ 14 համար 6։
Ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Ճշմարտութիւնը քեզ պիտի ազատագրէ»։ Կ՚ուզէ՛ ըլլալ ազատ, դիմէ՛ ճշմարտութեան որ է «Ան» Տէր Յիսուս Քրիստոս։
ԱՐԱՄ ՀՐԱՆԴ