ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Յարգելի Սեւակ Յակոբեան.

 

Ձեզի բեղուն գործունէութիւն միաժամանակ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, Ձեր տածած խորին յարգանքի եւ գնահատանքի համար՝ առ  ի երկարամեայ մանկավարժ-ուսուցչուհի, Օրիորդ Անժէլ Ճանճանեանի յիշատակին: Որուն ցայտուն արտայայտութիւնն էր Ձեր՝ սիրով եւ ակնածանքով պատրաստած «Զարթօնք»ի յաւելուածը:

Երա՜նի թէ բազմաթիւ ըլլային ուսուցիչներու դժուարին աշխատանքը արժեւորողներն ու յարգողները:

Դժբախտաբար, մեր օրերուն  այդ զգացումները նահանջած են աշակերտներու մեծամասնութեան եւ որոշ ղեկավարներու սիրտերէն (իբրեւ նախկին հայերէնի ուսուցչուհի սրտացաւօրէն կը գրեմ այս տողերը):

Մեծ գնահատանք Ձեր աշխատանքին:

Յարգանքներով՝

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Եգիպտոս

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *