Փութինը Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ հանդիպումին քննարկած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը։
«Տեղի ունեցած է միտքերու մանրամասն փոխանակում հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակի վերաբերեալ: Խիստ մտահոգութիւն արտայայտուած է շարունակուող սրացումներու կապակցութեամբ, շեշտուած է հրադադարի ռեժիմի ապահովման անյապաղ անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ միջնորդութեան քայլերու պատրաստակամութիւնը»,- նշուած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: