Երեսփոխան Շամէլ Ռուքոզ բողոքի շարժումի մը նախաձեռնութիւնը վերցնելով իր քենեկալը՝ Ժըպրան Պասիլը դաւաճանութեամբ ամբաստանեց:
Ռուքոզ իր խօսքը ուղելով Պէյրութի նահատակաց հրապարակին վրայ հաւաքուած բողոքարարներուն ըսաւ, որ դաւաճանութիւն է տարիներով գտնուիլ պատասխանատու պաշտօնի վրայ ապա ուրիշները մեղադրել ձախողութեան համար, պատճառաբանելով, որ ուրիշներ չձգեցին զինք աշխատի:
«Այս չքմեղանքով հանդէս եկողները աւելի լաւ է հրաժարին եւ առիթը տան ուրիշներու, որոնք կրնան աշխատիլ», ըսաւ Ռուքոզ, որ ի դէպ փեսան է հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունին:
Հարիւրաւոր բողոքարարներ հաւաքուած էին երէկ հրապարակին վրայ ընդառաջելով Ռուքոզին եւ նախկին բանակայիններու կոչին: Բողոքարարներուն գլխաւոր պահանջը անցումային կառավարութիւն մը կազմելն է, որ պէտք է պատրաստէ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ, որպէսզի երկիրը դուրս գայ այս քաղաքական եւ տնտեսական անելէն: