Միջոցառումները Պէտք Է Խստանան Մինչ Վարակուողներու Թիւը Կաճի. Ապիատ

Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի պետական հիւանդանոցին տնօրէնը նոր արգելափակումներու կոչ ըրաւ մինչ Լիբանանի մէջ երէկ արձանագրուեցան 57 նոր վարակակիրներ վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 2599:

«Մեր հակադարձութիւնը շատ արագ պէտք է ըլլայ: Պէտք է աւելի սեղմել արգելափակումները քանի ուշ չէ« յայտնեց Հիւանդանոցի տնօրէն՝ Ֆիրաս Ապիատը: Ապիատ աւելի մանրամասնութիւն չտուաւ իր պատկերացուցած արգելափակումներուն մասին:

Նշենք, որ երէկ մահերուն թիւը բարձրացաւ 40ի երբ երկու հոգի  մահացան քորոնաժահրով:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *