Էլմար Մամետեարովը զրկուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, ըստ որոնց, այս մասին հրամանագիր ստորագրած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Էլմար Մամետեարովը 2004-էն ի վեր Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարն էր։
Յուլիս 15-ին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը նախարարներու նիստին դժգոհութիւն յայտնած է արտաքին գործոց նախարարութեան եւ նախարար Էլմար Մամետեարովի աշխատանքէն։ Ալիեւը ըսած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ժամանակ չէ կրցած գտնել Մամետեարովը, որ վարչապետին ըսած է, թէ տունէն կ՝աշխատի։
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը