Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Ռաիի դարձեալ չէզոքութեան կոչ ըրաւ եւ խօսեցաւ անոր կարեւորութեան մասին շեշտելով, որ շատ կարեւոր է Լիբանանի համար շրջանային խնդիրներէն հեռու մնալ եւ կողմ չըլլալ:
Ան այս խօսքը ըրաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Միշէլ Աունին այցելութեան առիթով, որ կատարեց երէկ:
Ան յստակ սահմանումներ տուաւ, թէ ի՞նչ է չէզոքութիւնը:
Քորոնա ժահրի օրակարգով Լիբանանի մէջ երէկ արձանագրուեցան 91 նոր վարակակիրներ եւ մէկ մահուան դէպք: Թիւերը լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր սակայն իրավիճակը կը մնայ հակակշռելի: