Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ յարձակում գործեց իր կառավարութեան դէմ եղող քաղաքական կողմերուն վրայ զանոնք ամբաստանելով, որ իրենք կը խոչընդոտեն արաբական օգնութիւնները ներկայ կառավարութեան մինչ երկիր տնտեսական դժուարին օրեր կ՛ապրի:
Այս մասին յայտարարեց Տեղեկատուութեան Նախարարը, շեշտելով, որ Վարչապետը կը մնա լաւատես մանաւանդ, որ ան դրական նշաններ կը ստանայ Իրաքէն, Քաթարէն, եւ Քուէյթէն, որոնք սկզբունքով պատրաստակամ են օգնելու իր կառավարութեան:
Տիապի այս խօսքերը եղան կառավարութեան նիստին ընթացքին երէկ Պաապտայի պալատին մէջ, որուն օրակարգին վրայ կար Ֆիանանսներու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնին հրաժարականը ընդունելու կէտը, որ այնպէս ալ չվաւերացուեցաւ եւ յետաձգուեցաւ յաջորդ ժողովին:
Քորոնա Ժահրի օրակարգով երէկ վարակուածներու թիւը նահանջ արձանագրեց: Գրանցուեցան 32 պարագաներ:Այս բանը լաւատեսութիւն կու տայ, որ օդակայանի բացուիլը վարակակիրներու թիւին վրայ մեծ ազդեցութիւն մը չունի եւ կարելի է աստիճանաբար երկիրը բանալ: