Մէկ Օրուայ ընթացքին Արձանագրուած Վարակակիրներու Թիւի Վտանգաւոր Մագլցում. Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Հաստատեց 66 Հիւանդներու Գրանցումը

Քորոնա ժահրով վարակուածներու թիւը վերջին 24 ժամուայ ընթացքին կրկնապատկուեցաւ երբ հաստատուեցաւ 66 վարակակիրներու պարագան:

Քորոնա ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը Լիբանանի մէջ այս ձեւով բարձրացաւ 2012-ի: Այսպէս յայտարարեց Առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Երէկուայ վարակակիրներէն 44 անձերը տեղական վարակումներու արդիւնք էին մինչ 22-ն դուրսէն եկածներու շարքերէն:

Առողջապահութեան նախարարը նոր թիւը որակեց որպէս «ցնցիչ» եւ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն աւելի եւս զգոյշ ըլլալ իրենց կենցաղին մէջ:

Ցաւալի լուրը այն է, որ անպատասխանատու հիւանդ մը ներկայ եղած է հարսանեկան արարողութեան նաեւ ծովափ մը յաճախած է պատճառ դառնալով շատերու վարակումին ըսաւ նախարարը մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *