Միացեալ Նահանգներու Մէջ Մէկ Օրուան Ընթացքին Մահացած Է 1700 Վարակակիր. CNN

ԱՄՆ-ի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացութիւններու թիւն ամենաբարձր մակարդակի հասած է, մէկ օրուան մէջ` 1700 մարդ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք» յղում կատարելով CNNին, որ իր կարգին կը վկայակոչեէ Ճոնս Հոփքինսի համալսարանի կողմէ դաշնային եւ տեղական իշխանութիւններու տուեալներու հիման վրայ եղած հաշուարկները:

Նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի բռնկումը գրանցուած էր 2019-ի վերջը Կեդրոնական Չինաստանի մէջ եւ տարածուած է աշխարհի երկիրներու մեծ մասին մէջ եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս համաճարակ:

Ըստ Ճոնս Հոփքինսի համալսարանի տուեալներուն` ԱՄՆ-ի մէջ վերջին տուեալներով գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան 396,000 դէպք: 12,722 մարդ մահացած է, առողջացած է 21 763 մարդ: Մէկ օրուան համար մահացութեան նախորդ ամենաբարձր ցուցանիշը գրանցուած էր 3 ապրիլին` 1400 մարդ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *