Լիբանան Վերադարձած Քաղաքացիներէն 13 Հոգին Քննութեան Արդիւնքով Քորոնա Ժահրով Վարակուած Ելան

Լիբանան նոր վերադարցած քածաքացիներէն 13 հոգիին քննութիւնը դրական արդիւնք ցոյց տուաւ, հաստատելով, որ անոնք վարակակիրներ են:

Այս մասին յայտարարեց Առողջապահութեան նախարարը: Նշեամէկը Իսթանպուլէն: լ քաղաքացիներէն 7-ն եկած էին Մատրիտէն, 4-ը՝ Փարիզէն: Կայ նաեւ պարագայ մը, որ անձնական օդանաւով հասած էր Լոնտոնէն:

 Իսկ Լիբանանի մէջ բնակող 15 հոգի ալ վարակակիր գրանցուեցան երէկ օրուայ ընդհանուր թիւը հասցնելով 28-ի: Երէկուայ վերջին տուեալներով Լիբանանի տարածքին վարակուած են 576 անձեր:

Գիտական մօտեցում ունեցող շատ մը մասնագէտներ կասկածով կը մօտենան յայտարարուած թիւերուն եւ կը շեշտեն, որ եթէ, օրական 2500 քննութիւն չկատարուի, վարակուածներու թիւին պատկերը ամբողջական պիտի չըլլայ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *