Մինչեւ Յաջորդ Շաբաթ Լիբանան Պէտք է Հասնի Քորոնա Ժահրի Օրական 1000 Պարագաներու Քննութեան. Հասան

Լիբանան կը պատրաստուի օրական 1000 հատ քորոնայի քննութիւն կատարել : Այս բանը յաջողելու պարագային աւելի յստակ պատկերացում մը կրնայ տալ քորոնայի վարակի իրավիճակին մասին:

Այս մասին յայտարարեց Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան:

Նշենք, որ երէկ Լիբանանի մէջ քորոնա ժահրով վարակուած 7 նոր պարագաներ գրանցուեցան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *