Քորոնա Ժահրին պարտադրած արգելափակումներով արտերկիր մնացած լիբանանցիներուն կոչին անսալով կառավարութիւնը որոշեց դէպի Պէյրութ զանազան թռիչքներ կազմակերպել առիթը տալու համար արտերկրի մէջ ակամայ մնացած լիբանանցիներուն տուն դարձին:
Յատուկ եւ բացառիկ միջոցառումներով երէկ Պէյրութի օդակայեանը ժամանեցին չորս գալով Սէուտական Արաբիայէն, ԱՄԷ-էն, Լակոսէն եւ Ապիճանէն: