Լիբանանը մանաւանդ ծովափի բնակչութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 9:15-ին զգաց երկրաշարժ մը, որուն ուժգնութիւնը 4.3 ռիխթըրի աստիճան էր: Երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ ծովափնեայ շրջաններուն մէջ:
Յիշեցնենք, որ Յունուար ամսուայ մէջ աւելի եւս ուժգին երկրաշարժ մը զգացուած էր Լիբանանի մէջ, որուն կեդրոնը արեւելեան Թուրքիան էր: