Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն Արձագանգած է Սուրիոյ Խորհրդարանին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման։

Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի մամուլի խօսնակ Համի Աքսոյը Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին ընդունումը անուանած է Սուրիոյ իշխանութիւններու էութիւնը ցոյց տուող ցայտուն օրինակ։

Թուրք պաշտօնեան ըսած է, որ այս որոշումը ի ցոյց կը դնէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն երկերեսանիութիւնը, քանի որ, ըստ Աքսոյի, Սուրիոյ իշխանութիւնները սեփական ժողովուրդը տարիներ շարունակ ենթարկած են ամէն տեսակ կոտորածներու, տեղահանած են միլիոնաւոր մարդոց ու կիրառած են քիմիական զէնք:

«Դեռ կը շարունակուի մարդկային տրաման, որուն պատճառ դարձած է վարչաձեւը (Սուրիոյ իշխանութիւնները), մեր սահմանին վրայ տեղի կ՝ունենայ պատմութեան ամենադաժան աղէտներէն մէկը»,- նշած է Թուրքիոյ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը՝ չմոռնալով շեշտել Թուրքիոյ պաշտօնական թէզերը այն մասին, որ «Սուրիոյ վարչաձեւը կորսնցուցած է միջազգային օրինականութիւնը»:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *