Լիբանանի Խնդրայարոյց Նախարարաց Խորհուրդը Իր Խմբային Լուսանկարը Առաւ

Երկրի ամբողջ տարածքին ցուցարարներուն բողոքները անտեսելով կազմուած միագոյն եւ խնդրայարոյց կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան Պաապտայի նախագահական ապարանքին դիմաց իր խմբային լուսանկարը առաւ: Այնտեղ նաեւ գումարուեցաւ նորակազմ նախարարաց խորհուրդին անդրանիկ ժողովը:

Այս բոլորը մինչ ցուցարարները կը պատրաստուէի յետմիջօրէի իրենց բողոքի ցոյցին:

Արդարեւ, կառավարութեան կազմութենէն ետք Պէյրութի մէջ սկիզբ առած լայնածաւալ բախումները աւելի եւս մեծ թափով շարունակուեցաւ երէկ յետմիջօրէին:

 Բախումները, որ կը շարունակուեցան մինչեւ ուշ երեկոյեան, կեդրոնացած էին յատկապէս  խորհրդարանի շէնքին Ալ Նըժմէ հրապարակին վրայ։ Ցուցարարներ քարեր եւ իրեր շպրտեցին ապահովական ուժերուն վրայ, որուն ի պատասխան վերջինները արցունքաբեր կազ եւ ջրամուղներ օգտագործեցին  ցուցարարներուն դէմ։

Ցուցարարները քանդած են տասնեակ վաճառատուներ ու այրած են վարչապետ Հասսան Տիապի լուսանկարները։ Կը հաղորդուի նաեւ, որ կարգ մը ցուցարարներ փորձեցին խորհրդարանի շէնքին շուրջ քաշուած լարերը կտրել ու մուտք բանալ դէպի խորհրդարան, սակայն հանդիպելով ապահովական մարմիններու դիմադրութեան ի վերջոյ ետ քաշուեցան։ Վիրաւորներ ինկան երկուստեք:

Երեկոյեան ժամերու հետ իրավիճակը աւելի  քաոսային դարձաւ Պէյրութի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ։ Ցուցարարները կոտրեցին պետականապատկան բջիջային հեռախօսի ծառայութեամբ զբաղող «թաչ» ընկերութեան պատկանող հաստատութեան ապակիները: Եղան այլ խուլիկանական գործողութիւններ եւս:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *