Աւելի եւս ներկայացուցչական կառավարութիւն մը կազմելու կարգ մը կողմերու պահանջը նորանշանակ վարչապետ՝ Հասսան Տիապի մինչեւ օրս տարած ջանքերը չէզոքացուց: Այս մասին հաղորդեցին կարգ մը աղբիւրներ:
Սուրիական Ընկերային-ազգային կուսակցութիւնը նախարարութիւն մը պահանջեց հակառակ անոր, որ ան խորհրդարանին մէջ ունի երկու երեսփոխան միայն:
Մարատա կուսակցութիւնն ու Յոյն կաթողիկէ համայնքը երկուքն ալ իւրաքանչիւրին համար երկու նախարարութիւններ պահանջեցին:
Ըստ տարածուած լուրերուն նորանշանակ վարչապետը մէկական նախարարութիւն նկատի առած էր վերոյիշեալ կողմերուն:
Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու Տիւրզի ղեկավար Թալալ Արսլանի, լիբանանեան քաղաքական բեմը աւելի եւս բարդացնող պահանջը: Մինչ անոր տրուած էր մէկ նախարարութիւն, ան ո՛չ միայն պահանջեց երկրորդը, այլ նաեւ պայման դրաւ, որ Ճարտարարուեստի նախարարութիւնը իր խումբին բաժինը ըլլայ:
Տիւրզի միւս կարեւոր ղեկավարը՝ Ուալիտ Ժոմպլաթ նախապէս յայտարարած էր, որ իր խումբը չուզէր կառավարութեան կազմին մէջ ըլլալ:
Վերոյիշեալը զաւեշտական տպաւորութիւն կը ձգէ, որովհետեւ աւելի եւս կը յստակացնէ այն հսկայ վիհը, որ գոյութիւն ունի բողոքի ելած ժողովուրդին եւ իշխանութեան տրամաբանութեան միջեւ: Մինչ ժողովուրդը աւելի քան 90 օր է փողոցներն է բողոքելու ճիշդ այն տրամաբանութեան ու գործելաձեւին դէմ, որ իշխանութիւնը կը տածէ, իշխանութիւնը տակաւին կը շարունակէ չհասկնալ: