Բողոքի Նոր Ցոյցեր Նախատեսուած Են Շաբաթավերջին Համար

Կը նախատեսուի, որ շաբաթավերջը հարուստ ըլլայ ժողովրդային շարժումի վերակենդանացումով մինչ կոչեր կը կարածուին մեծ թիւով ցոյցեր կազմակերպելու երկրին ամբողջ տարածքին:

Մինչ այդ երկիրը տակաւին կը գտնուի ծանր իրավիճակի մէջ: Շուկայի վրայ երէկ տոլարին շուկայի սակը թեւակոխեց 2500 լիբ. ոսկիի սահմանները:Դրամատուներուն մէջ եւ մուտքի օրն ի բուն վէճերը կը շարունակուին ժամերով կարգ սպասող յաճախորդներու եւ պաշտօնեաներուն միջեւ: Տնտեսութիւնը ամէն օր նահանջի մէջ է: Գիները մշտականօրէն կը բարձրանան: Ժողովուրդն ալ հասած է յուսահատութեան եզրին:

Միւս կողմէ, իշխանութիւնը տակաւին կարծէք կ՛ապրի այլ մոլորակի վրայ երբ ամէն նշանները ցոյց կու տան, որ ոչ մէկ աճապարանք կայ կառավարութիւն մը կազմելու եւ իշխանութեան գլխին գտնուող կողմերու բանակցութիւնները վերադարձած են իրենց սկզբնական կէտին վերաքննելով կառավարութեան կազմին ձեւն ու մասնակցութիւնը:

Նշանակեալ վարչապետին կը մնայ կամ իր կամքը պարտադրել, կամ զիջիլ իր գործընկերներուն պահանջներուն դիմաց եւ կամ պարզապէս հրաժարիլ իրեն վստահուած պարտականութենէն:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *