Պըրրի Կոչ Ուղղեց Բոլոր Կողմերը Ներառող Կառավարութիւն Մը Կազմելու

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի կոչ ուղղեց, բոլոր կողմերը ներառող կառավարութիւն մը կազմել:

Պըրրիի այս կոչը ետ մղեց շուտալուտ կառավարութեան մը կազմութեան բոլոր յոյսերը մինչ Նախագահ Աուն եւ նշանակեալ Վարչապետ Տիապ գրեթէ համաձայնութիւն մը գոյացուցած ըլլալու ճամբուն վրան էին:

Ըստ երեւոյթին նոր կառավարութեան կազմութիւնը հանգրուան մը եւս պիտի ուշանայ առիթը տալու նոր բանակցութիւններու:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *