Թուրքիան 17 Միլիոն Տոլար Դրամաշնորհ Կը Յատկացնէ Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան

Ռազմական գործակցութեան համաձայնագիրով 17 միլիոն տոլար դրամաշնորհ կը յատկացնէ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, կը հաղորդէ  «Արմէնփրէս»-ը։

Վրաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններու միջեւ ռազմական գործակցութեան մասին համաձայնագիրը, որուն մէջ կը յատկացուին միջոցները, ստորագրուած է Անգարայի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ղարիբաշուիլիի եւ Թուրքիոյ անոր պաշտօնակից Հուլուսի Աքարի միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններէն ետք:

Հանդիպումին Ղարիբաշուիլին շնորհակալութիւն յայտնած է Աքարին Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու համար, ինչպէս նաեւ յայտնած է Թուրքիոյ դերը ՆԱԹՕ-ին Վրաստանի ներգրաւման գործընթացին մէջ: Բանակցութիւններուն մէջ քննարկուած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ վրաց-թուրքական գործակցութեան խորացման ուղիները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ գործակցութիւնը եռաչափ ձեւաչափով, յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ, հաղորդած է «Գրուզիա Online»-ը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *