«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի խորհրդարանը ժողովի պիտի հրաւիրէ Հոկտեմբեր 15ին ընտրելու համար խորհրդարանի յանձնախումբերու անդամներ:
Այլ ժողով մըն ալ պիտի գումարուի Հոկտեմբեր 17ին քննարկելու համար սահմանադրութեան 95րդ յօդուածը. Որուն հիմամբ պէտք է ստեղծուի ազգային յանձնախումբ մը նախապատրաստելու համայնքային դրութեան չեղարկումը Լիբանանի մէջ:
Խորհրդարանի նախագահին մօտ աւանդական դարձած Չորեքշաբթի օրերու երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին երէկ, նաեւ քննարկուած է տնտեսական տագնապը դիմակալելու համար երեսփոխանական շտապ մը կազմելու հարցը: