Նախարարաց Խորհուրդը Բարեկարգումներու Նոր Ցանկ Մը Յայտարարեց

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի նախարարաց խորհուրդը երեքշաբթի օրուայ իր ժողովին համաձայնեցաւ արտակարգ իրավիճակներու եւ վարձու տրուող ինքնաշարժերը զերց պահել տուրքերէ: Այսպէս յայտարարեց տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ ժողովի աւարտին:

Նախարարաց խորհուրդի նիստը նուիրուած էր քննարկելու 2020ի պիւտճէի նախագիծը: Քննարկումներ եղան շատ մը նախարարութիւններու պիւտճէին բացի արտաքին գործոց նախարարութեան պիւտճէէն.

Ժողովը գումարուեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ, որ գիշերը վերադարձած էր Պէյրութ գալով Փարիզէն ուր գացած էր ներկայացնելու Լիբանանը Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաքի յուղարկաւորութեան:

Նախարարաց խորհուրդի Երեքշաբթի օրուայ նիստը երկու շաբթուայ ընթացքին 5րդն է, որ նուիրուած էր քննարկելու 2020ի պիւտճէն: Նախորդ ժողովներուն ընթացքին, որոշ խնայողութիւններ որոշուած էին կարգ մը նախարարութիւններու պիւտճէին մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *